Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
«Այս Արձանը Թող Ըլլայ Յիշեցում Եւ Ժառանգ` Անցեալէն Եկած Ու Ապագայի Սերունդները Պարտաւորեցնող» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, նախագահութեամբ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, երէկ` 16 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին կից տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած` «Մայիս 28» պողոտային անուանակոչութիւնը եւ բացումը յուշարձանին, որուն հեղինակն է հայրենի քանդակագործ Կակոն:
Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Էտի Մաալուֆ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ` Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս խօշեան, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ժողովուրդ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ նախ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերու տողանցք:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Վիգի Ախոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով եւ արեամբ ու կը պահուի հաւաքական ճիգերով: Ան բացատրեց, որ այդ յուշարձանը կենդանի խորհրդանիշն է ամբողջական, միացեալ ու միակամ հայութեան` Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով, իբրեւ անբաժանելի երրորդութիւն: Ըստ անոր, անիկա յուշարար է, որ հայ ժողովուրդի ազատութեան ու Հայաստանի անկախութեան պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերականգնումը ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարանդ Ալեքսանտրեանին եւ արուեստագէտ Գագիկ Գէորգեանին (Կակօ), նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս ծրագիրի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցան:
Ապա Շահէ եպս. Փանոսեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան կատարեցին յուշարձանի բացումն ու փողոցի անուանակոչութեան վերաբերող յուշաքարի քողազերծումը:
Անկէ ետք յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանին, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ անդրադարձաւ երկու տարի առաջ շրջանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեանի հրաւէրով Հայաստան տուած այցելութեան, որմէ ետք ան 4 անգամ կրկին այցելած է Հայաստան, որ մաքուր երկիր է, իսկ ժողովուրդը` համեստ ու պայքարող: Քաղաքապետը հաստատեց, որ իրենց համար ուրախութիւն է այս շրջանը ընտրել նման յուշարձան կանգնեցնելու համար` աւելցնելով, որ հայ բնակչութեան հետ կ՛ապրին իբրեւ մէկ ընտանիք:
Անկէ ետք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց դոկտ. Ժան Կէօքճեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական պատմութիւնը կը բաղկանայ երեք հիմնական փուլերէ` 1918-1921 թուականներ, երբ կերտուեցաւ անկախութիւնը, պետական հաստատութիւններ կեանքի կոչուեցան, արտաքին ճակատի վրայ այլ պետութիւններու հետ կապեր հաստատելու փորձեր կատարուեցան, 1921-1991` Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջան, երբ աշխատանք տարուեցաւ համայնավարական գաղափարախօսութիւնը պարտադրելու բոլոր ժողովուրդներուն, խլուեցաւ անոնց ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին բռնակցուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը, 1991-էն մինչեւ օրս` անկախութեան վերականգնումի, արցախեան ազատագրական պայքարով Արցախին վերատիրանալու, ազգային ու ժողովրդավարական հիմերու վրայ պետութիւն կառուցելու փուլը:
Ժան Կէօքճեան դիտել տուաւ, որ տեղադրուած արձանը կը խորհրդանշէ 100-ամեակը հսկայական զոհողութիւններուն, որոնք ի գործ դրուեցան անկախութեան պահպանման ի խնդիր եւ կերտելու զօրեղ հիմերու վրայ խարսխուած հայրենիք մը, որ հիմնաքարն է իր քաղաքացիները պաշտպանելու արտաքին վտանգներէն, անոնց կ՛ապահովէ անվտանգութիւն, ծառայութիւններ, կայունութիւն, տնտեսական զարգացում, կը պայքարի փտածութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան եւս նոյնը պէտք է ընէ, որովհետեւ պետութիւնը պարտական է իր ժողովուրդին, որուն հետ միասնաբար կարելի կ՛ըլլայ կերտել հզօր երկիր, պետութիւնն է, որ պէտք է արդի կերպով զինէ եւ լաւապէս մարզէ բանակը, փորձառու եւ ընտրեալ պաշտօնեաներ նշանակէ, իսկ օրէնքը հաւասարապէս կիրարկուի բոլորին վրայ: Ասկէ մեկնելով Ժ. Կէօքճեան անդրադարձաւ քաղաքապետարաններուն դերակատարութեան` շեշտելով, որ անոնք պատասխանատու են շրջաններուն ապահովութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման: Աւարտին ան լուսարձակի տակ առաւ կոմիտէին եւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետութեան միջեւ ամուր ու թափանցիկ յարաբերութիւնները, որոնց մարմնացումը կը հանդիսանայ այս նախաձեռնութիւնը:
Անկէ ետք Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ներկայացուց հատուած մը` Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-էն:
Այս առիթով իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ դիտել տուաւ, թէ լիբանանեան այս շրջանին մէջ վերանուանուած փողոցին տրուած է հայ ժողովուրդի հազարաւոր տարիներու պատմութեան ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկ հատին անունը:
«Մայիս 28-ն իրօք շրջադարձային տարեթիւ է հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, երբ այդ ժամանակուան քաղաքական յառաջատար ուժի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ շրջուեցաւ մեր դարաւոր պատմութեան անիւը, եւ հայ ժողովուրդը սկսաւ իրականացնել անկախ պետականութեան կառուցման իրեն վերապահուած պատմական իրաւունքը: Ատիկա դժուար եւ երկարատեւ աշխատանք է, սակայն չկայ աւելի պատուաբեր աշխատանք, քան ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետականութեան կերտումը», յայտնեց դեսպանը` յատկանշական նկատելով այն, որ այս յուշարձանը եւ յուշատախտակը բացուեցան հայ ժողովուրդին մեծագոյն բարեկամ` լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս շրջանի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ: Սամուէլ Մկրտչեան յիշեց, որ յաջորդ օրը` 17 յուլիսին Հայաստանի մէջ բացումը պիտի կատարուի Արամ Մանուկեանի արձանին: «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ամէնէն առանցքային եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամէնէն կարկառուն գործիչներէն մէկուն արձանը: Եւ շատ խորհրդանշական է, որ այդ արձանը, որուն նմանակը ես երբեւէ չեմ տեսած որեւէ տեղ, պարուրուած է Եռագոյնով` մեր պետականութեան, անկախութեան խորհրդանիշով, որ Ա. հանրապետութենէն փոխանցուած է նորանկախ հանրապետութեան` 1991 թուականին», ըսաւ դեսպան Մկրտչեան: Անոր համաձայն, պատմականօրէն բաժնուած տարբեր հատուածներու հաւաքականութիւնը խորհրդանշող արձանի գաղափարով պէտք է առաջնորդուին հետագային եւս, որպէսզի պահպանենք մեր պետականութիւնը, ժառանգութիւնը, ազգային արժէքները եւ այս բոլորը փոխանցենք յառաջիկայ սերունդներուն: Դեսպանը յատկանշական նկատեց նաեւ այն, որ արձանի տեղադրուած վայրին կողքի փողոցը կ՛առաջնորդէ դէպի հայկական կրթօճախ` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր երթալու համար հոնկէ անցնող աշակերտներուն պիտի փոխանցուի յուշարձանին պատգամը, ազգային խորհրդանիշները առաւել եւս պիտի ամրապնդուին անոնց մէջ, որպէսզի հայութիւնը ապագային չստիպուի ղեկավարուիլ օտարներուն կողմէ, այլ հպարտօրէն ինք կերտէ իր պետականութիւնը եւ տէրը ըլլայ իր ճակատագիրին:
Աւարտին իր խօսքը արտասանեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետական խորհուրդին, յատկապէս քաղաքապետին, որ բարեկամ է բոլորին, որուն դռները բաց են շրջանի բնակիչներուն դիմաց` լսելու անոնց մտահոգութիւնը, պահանջները եւ փորձելու անոնց գոհացում տալ: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան փաստեց, թէ ինք միայն շրջանը բարելաւելու միտումով կենցաղային պայմաններ ապահովող չէ միայն, այլ ականջալուր է բնակիչներուն տենչերուն, բաժնեկից է անոնց փափաքներուն եւ գնահատող է անոնց արժէքներուն: Յակոբ Բագրատունի աւելցուց, որ Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն ետք այս քաղաքապետութիւնը երրորդ հայկական քաղաքապետութիւնը կարելի է նկատել` շրջանի բնակիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ եղած կապէն մեկնելով:
Երեսփոխանը յայտնեց, որ ոմանք կրնան հարց տալ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն ու Լիբանանը ի՛նչ կապ կրնան ունենալ իրարու հետ` նշելով, որ հայութեան եւ ազատութեան համար պայքարող ժողովուրդներուն համար ո՛չ պետութեան անունը, ո՛չ կրօնը, ո՛չ ալ դրօշակին գոյնը կարեւոր է, այլ ամէնէն կարեւորը մարդուն հաւատքն է` ազատութեան եւ անկախութեան նկատմամբ, կառչածութիւնն է այդ սկզբունքներուն: Ըստ Յակոբ Բագրատունիի, այս արձանին մէջ կ՛երեւի յիշատակը այն բոլոր ժողովուրդներուն, այն մարտնչողներուն, այն հայուն եւ լիբանանցիին, որ թրքական սպանդներուն ենթարկուեցան տարբեր ձեւերով` հաստատելով, որ հայն ալ ապրեցաւ, լիբանանցին ալ` փաստելով թուրքին ծրագիրներուն ձախողութիւնը: Առ այդ, ան արձանը նկատեց մարտնչումի եւ գոյատեւումի միացեալ խորհրդանիշ, որուն ականատես պիտի ըլլայ այս արձանը տեսնողը, որ պիտի յայտարարէ, թէ ինք ազատ է ու անկախ:
Հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յատկանշական զուգադիպութիւն նկատեց այն, որ Հայաստանի անկախութեան դաշնակցական հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը Երեւանի մէջ եւ հոնկէ հազարաւոր մղոններ հեռու լիբանանեան գիւղաքաղաքին մէջ յուշարձանի բացումը կատարուի նոյն օրերուն` աւելցնելով, որ այս յուշարձանը կը խորհրդանշէ Հայաստանի` իր անկախ ու գրաւեալ տարածքներով, Արցախի եւ սփիւռքի եռամիասնութիւնը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան հիմնաքարն է: Անոր համաձայն, այս զուգադիպութեան խորքը այն է, որ այս օրերուն, երբ մակերեսայնութիւնը, այլասերումը, հայաթափումը սկսած են տիրական ըլլալ, զոյգ արձանները կու գան հաստատելու, որ կռիւով, պայքարով, մարտունակութեամբ եւ զոհողութիւններով ձեռք բերուած նուաճումները կարելի չէ անտեսել ու սրբել, մեծ յաղթանակները կարելի չէ լուսանցքայնացնել, որքան ալ փորձ կատարուի նենգափոխելու պատմութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ արձանին մէջ դաստիարակութիւն կայ, խօսող իրականութիւն, սերունդներու կանչ, յիշեցում եւ ժառանգ` անցեալէն եկած ու ապագայի սերունդները պարտաւորեցնող: «Անոնք պէտք է տեսնեն, որ այդ դրօշակը եւ այս բռունցքը պայքարով, արեամբ, քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախութեան բռունցքն է եւ դրօշակը, որոնք կը խորհրդանշեն իւրաքանչիւր անհատի անկախ ու ազատ մտածողութիւնը` ի խնդիր իր ժողովուրդին, հայրենիքի բարգաւաճման, անվտանգութեան, որ միայն հողային չէ, այլ նաեւ ընկերային, տնտեսական, աւանդներու, կրօնական, եկեղեցական, գրական, մշակութային անվտանգութիւնն է, որ ինքնիր մէջ կը պահէ անկախութեան գաղափարը, որպէսզի կերտուի աւելի հզօր Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, որոնք պիտի պաշտպանեն զիրար: Թող ասիկա յուշ ըլլլայ մեզի, ժառանգ ըլլայ մեզի», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: